АРМИНФОЦЕНТР: Москва озабочена желанием Турции использовать свои ВВС в Сирии
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտարարած է, որ Մոսկուան մտահոգուած է Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ կողմէ կատարուող օդային հարուածներէն:
«Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ Թուրքիոյ օդուժին հասցուցած հարուածներուն վերաբերող հաղորդագրութիւններուն, մենք լսած ենք այդ հաղորդումներուն մասին եւ խիստ մտահոգուած ենք անոնցմով: Ինչպէս կը հասկնամ, խօսքը կը վերաբերի քրտաբնակ շրջաններուն», ըսած է Լաւրով Մոսկուայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին` պատասխանելով այդ հարցումին, թէ Սուրիոյ տարածքին Թուրքիոյ օդային հարուածները ինչպէ՛ս կրնան ազդել Հալէպի շուրջ ստեղծուած կացութեան վրայ:
Լաւրովի համաձայն, «Թուրքիան անդամ է այն նոյն դաշինքին, որ ստեղծած է Միացեալ Նահանգները` յստակօրէն յայտարարելով, որ դաշինքը կը ստեղծուի ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի դէմ պայքարելու միակ նպատակով»:
«Ատկէ մեկնելով` Միացեալ Նահանգները` իբրեւ այդ դաշինքի տէր, հրամանատար, ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի մնայ յայտարարուած նպատակի շրջանակներուն մէջ», նշած է ան:
Սուրիա Կը Սպառնայ Վար Առնել Իր Օդային Տարածքը Մուտք Գործած Թրքական Օդուժի Որեւէ Օդանաւ
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ բանակը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ վար պիտի առնէ Թուրքիոյ օդուժին պատկանող որեւէ օդանաւ, որ կը խախտէ Սուրիոյ օդային տարածքը:
«Սուրիական բանակն ու զինեալ ուժերը կը զգուշացնեն որեւէ միջոցով Թուրքիոյ պատերազմական օդանաւերը վար առնելու պատրաստակամութեան մասին, եթէ անոնք դարձեալ խախտեն երկրին օդային սահմանը», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը մեղադրած է Անգարան Հալէպի հիւսիսը գտնուող գիւղերը, ներառեալ Հասանճեքը ռմբակոծելու մէջ:
«Էրտողանի վարչակարգը պատասխանատուութիւն կը կրէ Հասանճեք, Ուարտիյէ եւ Հեսիա գիւղերուն մէջ 150 խաղաղ քաղաքացիի սպանութեան համար», յայտարարած է սուրիական բանակը:
Նախապէս, Սուրիոյ քիւրտերը յայտնած էին, որ երկրին հիւսիսը թրքական օդանաւերը 26 անգամ թռիչքներ կատարած են իրենց ուժերուն վերեւ, որոնք կը փորձեն տեղւոյն գիւղերն ու Շահպա քաղաքը ազատագրել ՏԱՀԵՇ-էն: Քրտական ուժերը յայտնած են, որ այդպիսով թրքական կողմը կը փորձէ կոծկել իսլամական ահաբեկիչներու գործողութիւնները:
Источник: Lousavor-avedis.org
|